Ղարաբաղը Ատրպէյճանի տարածք է, իսկ ռուս խաղաղապահները այնտեղ տեղակայուած են ժամանակաւոր, BBC-ի ատրպէյճանական ծառայութեան ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդական՝ Հիքմէթ Հաճիեւը:
«Ողջ Ղարաբաղը Ատրպէյճանի ինքնիշխան տարածք է, միջազգային հանրութիւնը կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը», - ըսած է ան, աւելցնելով, որ ռուս խաղաղապահները տեղակայուած են Ատրպէյճանի մաս կազմող Ղարաբաղի շրջանի որոշակի հատուածներ` Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութեան համապատասխան:
Նախագահ Ալիեւի խորհրդականը նշած է, որ եռակողմ այդ յայտարարութիւնը սահմանած է խաղաղապահ ուժերու տեղակայման քաղաքական եւ որոշ չափով` իրաւական շրջանակները։
«Ինչ կը վերաբերի ռուս խաղաղապահներու մանտաթի շուրջ յաւելեալ համաձայնութիւններուն ու յաւելեալ իրաւական մեքենականութիւններուն, ապա կողմերու միջեւ այդ հարցի վերաբերեալ նախնական շփումներ եղած են, եւ որոշակի քննարկումներ դեռ կը շարունակուին», - ըսած է ան:
Թէ յստակ որու միջեւ են քննարկումները եւ ինչ ձեւաչափով` Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը չէ յստակացուցած: