image

Ալիեւ դարձեալ կը յոխորտայ. «Ոչ կարգավիճակ, ոչ ալ արտօնութիւններ»

Ալիեւ դարձեալ կը յոխորտայ. «Ոչ կարգավիճակ, ոչ ալ արտօնութիւններ»

Արցախի մէջ ապրող «հայերը պէտք է հասկնան, որ իրենց ապագան ատրպէյճանական հանրութեան մէջ համարկելու միջով կ՛անցնի», Իսմայիլի շրջանը այցելութեան ընթացքին ատրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանին տուած այցելութեան ընթացքին յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Այլ ձեւ չի կրնար ըլլալ: Մենք իրական կեանք կ՛ապրինք: Տնտեսական, աշխարհագրական, հաղորդակցութեան միջոցներու տեսանկիւնէն Արցախը Ատրպէյճանի անքակտելի մասն է, նաեւ պատմական եւ միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն անոր մաս կը կազմէ», նշեց ան։

Ալիեւ յայտարարեց, որ Արցախի մէջ ապրող հայերը «ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ որեւէ յատուկ արտօնութիւններ» պիտի ունենան: «Թէ՛ Ատրպէյճանի քաղաքացիները, թէ՛ անոնք. կը պաշտպանուին Ատրպէյճանի քաղաքացիներուն իրաւունքները, նոյն ձեւով՝ անոնցը: Այն ձեւով որ կը պաշտպանուին Ատրպէյճանի մէջ ապրող ժողովուրդներուն իրաւունքները, նոյն ձեւով՝ անոնցը: Այս է միակ ուղին», յայտնեց ան։