image

«Ռուս խաղաղապահները ժամանակաւոր են». Ալիեւ

«Ռուս խաղաղապահները ժամանակաւոր են». Ալիեւ

Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ փաստացի հաստատած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ Ատրպէյճանի յարձակման փաստը։

Ելոյթ ունենալով բռնագրաւուած հայկական Շուշիի մէջ՝ Ատրպէյճանի նախագահը ըսած է. «13-14 Սեպտեմբերին ատրպէյճանա-հայկական սահմանին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է դաս ըլլան Հայաստանի համար»։

«Մենք անոնց այս դասը կու տանք, եւ յոյսով ենք, որ անոնք վերջապէս կը հասկնան եւ կը զբաղին իրենց ներքին գործերով, կը դադրին տենչալ մեր հողերը, Ղարաբաղը։ Ղարաբաղը մեր հողն է, այնտեղ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները ժամանակաւորապէս այնտեղ են։ 2020 թուականի 10 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ նշուած է անոնց գտնուելու ժամկէտը»,-ըսած է Ալիեւ։