image

Ռուս խաղաղապահները բնակիչները Ղարաբաղ վերադարձնելու հնարաւորութեան երաշխաւորն են. Ռուսիոյ Գլխաւոր շտաբի պետ

Ռուս խաղաղապահները բնակիչները Ղարաբաղ վերադարձնելու հնարաւորութեան երաշխաւորն են. Ռուսիոյ Գլխաւոր շտաբի պետ

Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները տարածաշրջան վերադարձնելու հնարաւորութեան երաշխաւորն են. այս մասին Մոսկուայի մէջ ճեպազրոյցին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Վալերի Կերասիմովը։ Ճեպազրոյցը նուիրուած էր Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան 2023 թուականի գործունէութեան արդիւնքներուն։

«Այս տարուան սեպտեմբերին ռուս խաղաղապահներու միջնորդական ջանքերու շնորհիւ 24 ժամուան ընթացքին ձեռք բերուեցաւ հրադադար (Արցախի մէջ-Խմբ.)։ Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբն ապահոված է աւելի քան 10 հազար խաղաղ բնակչի տեղափոխումն իր տեղակայման վայրեր, իսկ յետոյ՝ Ղարաբաղի գրեթէ ողջ բնակչութեան անվտանգ ելքը Հայաստանի տարածք։ Գրեթէ 300 վիրաւոր խաղաղապահները օդանաւով տեղափոխած են հիւանդանոցներ։

Միեւնոյն ժամանակ, մեր զօրախումբը կը շարունակէ առաջադրանքներ կատարել՝ որպէս խաղաղ կեանք կառուցելու եւ բնակիչները տարածաշրջան վերադարձնելու հնարաւորութեան երաշխաւոր»,-ըսած է Կերասիմովը։