image

Ռումբի ահազանգ Երեւանի մէջ

Ռումբի ահազանգ Երեւանի մէջ

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 9-ին, արտակարգ դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 11:00-ի սահմաններուն Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան փրկարար ծառայութեան  911 եւ ՀՀ ոստիկանութեան կառավարման կեդրոններ ահազանգ ստացուած է, որ Նոր Արէշ 35 փողոցի 127/3 շէնքի հանրակացարանի 6,7 եւ 8-րդ յարկերուն մէջ ռումբ տեղադրուած է:

Այս պահուն հրշէջներն ու պարեկները շէնքէն բնակիչները տարհանած են եւ կը կատարուին որոնողական աշխատանքներ:  Էրեբունիի ոստիկանները յայտնաբերած են նաեւ ահազանգող  քաղաքայինը, որ տեղափոխուած է ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժին: Փաստի առթիւ ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժնի հետաքննական բաժանմունքին մէջ նիւթեր կը նախապատրաստուին: