image

Ռուբէն Վարդանեանը նոր փաստաբան ունի

Ռուբէն Վարդանեանը նոր փաստաբան ունի

Պաքուի դատարանը Ռուբէն Վարդանեանին նշանակած է նոր փաստաբան: Այս մասին կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուականները:

Դատաւորը նշած է, որ նախորդ դատական ​​նիստին Ռուբէն Վարդանեան միջնորդութիւն ներկայացուցած էր իր պաշտպանէն հրաժարելու մասին՝ վկայակոչելով կեղծ դատավարութեան ընթացքի վերաբերեալ դժգոհութիւնը: Ան նաեւ նշած էր, որ ինքը համաձայնութիւն չունի այլ փաստաբանի հետ, եւ որ իրեն պետութեան կողմէ կրնայ պաշտպան նշանակուիլ:

Ռուբէն Վարդանեանի միջնորդութիւնը՝ հրաժարելու իր փաստաբան Աբրահամ Պերմանէն, ընդունուած է, եւ Ատրպէյճանի փաստաբաններու միութիւն ուղարկուած է իր հաշուոյն պաշտպան նշանակելու խնդրանք։ Դատաւորը յայտարարած է, որ Վարդանեանի նոր փաստաբանը պիտի ըլլայ Փաստաբանական միութեան անդամ Էմիլ Պապիշովը։