image

Ռուբէն Վարդանեանը Արցախի մէջ պաշտօնի պիտի անցնի

Ռուբէն Վարդանեանը Արցախի մէջ պաշտօնի պիտի անցնի

Գործարար Ռուբէն Վարդանեան Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ նոյեմբերի սկիզբը ու պիտի ներակայցնէ ռազմավարական նպատակները, լուծման ենթակայ առաջնահերթ խնդիրները, ինչպէս նաեւ պիտի տեղեկացնէ ձեռնարկուելիք առաջին քայլերու մասին։

Վարդանեանն իր այս որոշման մասին գրած է դիմատետրի իր էջին՝ նաեւ նշելով, որ մինչեւ հոկտեմբերի վերջ պիտի շարունակէ խումբի եւ ծրագրերու ձեւաւորման ուղղուած հանդիպումները։

«Ես կը գիտակցիմ, որ այլեւս երկար մտածելու ժամանակ չկայ, եւ այս իրավիճակին մէջ այլ ճանապարհ չունիմ, քան արցախցիներու կողքին գտնուիլն ու Արցախի ապագայի նկատմամբ իմ բաժին պատասխանատւութիւնը ստանձնելը», - մասնաւորապէս գրած է Վարդանեան։

Դեռ հոկտեմբերի սկիզբը Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 54-ամեայ գործարարին առաջարկած է ստանձնել Արցախի պետական նախարարի պաշտօնը։ Վարդանեանն ալ յայտարարած էր՝ պատրաստ կ'ըլլայ ընդունելու այն, եթէ իր մօտեցումներն ու որոշումները լայն աջակցութիւն ստանան։

Վարդանեանն այսօր դիմատետրի էջին գրած է՝ մէկուկէս ամսուան ընթացքին Արցախի քաղաքական ու հասարակական գործիչներու, տարբեր շրջաններու եւ ընկերային տարբեր խումբերու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումներն ու շփումները իրեն համոզած են, որ «մարդիկ կ'աջակցին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի պաշտօնին իմ թեկնածութեան եւ յանձինս ինձ կ'ուզեն տեսնել պատասխանատու առաջնորդ»։

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ու «ԻԴԵԱ» հիմնադրամի համահիմնադիրը սեպտեմբերի սկիզբը յայտարարած էր, որ կը հրաժարի Ռուսիոյ քաղաքացիութենէն եւ որոշած է բնակութիւն հաստատել Արցախի մէջ: Աւելի վաղ գործարարը հանդէս եկած էր Արցախի անվտանգութեան ու զարգացման աջակցութեան Համահայկական ճակատ ստեղծելու առաջարկով:

Յարութիւնեան ողջունած էր Վարդանեանի՝ Արցախ տեղափոխուելու եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման ու զարգացման գործին մէջ անմիջական մասնակցութիւն ունենալու որոշումը՝ յոյս յայտնելով, որ այն օրինակ պիտի ծառայէ աշխարհասփիւռ շատ հայերու համար։