Հալէպահայ երիտասարդ ընտանիքի հայր Արա Կիրակոսեան կնքած է իր մահկանացուն։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Կը նշուի, որ Սուրիան հարուածած պատերազմին հետեւանքով հանգուցեալ Արան իր տիկնոջ եւ երկու դուստրերուն՝ Կասիայի եւ Սելայի հետ փոխադրուած էր Երեւան նոր կեանք մը սկսելու համար։
Հանդարտաբարոյ, քրիստոնէական հաւատամքի եւ դաստիարակութեան տէր Արա Կիրակոսեանը նաեւ անդամ էր Երեւանի մէջ առաքելութիւն իրականացնող «Սուրիահայերու հոգեւոր եղբայրակցութեան» եւ որպէս աւագ մեծ նուիրումով կը կատարէր նոյն եղբայրակցութեան պատանեացի առաջնորդի պաշտօնը։
Այս տխուր առթիւ սրտի կարճ խօսքով մը հանդէս եկած է Արայի կողակից Թալին Գազէզեան-Կիրակոսեան կը գրէ ՝
Բարի անունը շատ հարստութենէն աւելի ընտիր է, ու շնորհքը արծաթէն ու ոսկիէն աղէկ է։(Առկ.22.1)
Իմ💞💔 կեանքովդ եղար իմ ուրախութիւնս։
Մահովդ եղար վկայութիւն համայն մարդկութեան։
Իմ Յիսուս օգնէ ինծի որ կարենամ տոկալ այս ժամանակաւոր բաժանումին։
Գիտեմ ուրախ ես և հանգչեցար ամէն տեսակ մտահոգութիւններէ , վայելէ երկնային փառքը յաւիտեան հոգիս...
💗💗Բայց շուտ էր💗💗
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուեցան Երեւանի մէջ։