image

Reuters.Իմամօղլու կը քալէ էրտողանի ճանապարհով...

Reuters.Իմամօղլու կը քալէ էրտողանի ճանապարհով...

Լուրը՝ «Արեւելք» թարգմանաբար քաղած է թրքական «Զաման»էն 

Գործակալութիւնը յայտնած է, որ թէեւ երկու  գործիչներն ալ  ուժեղ  քայլերով  մուտք գործած են քաղաքական ասպարէզ, սակայն անոնց քաղաքական հայեացքները բոլորովին տարբեր են։

Reuters  հաստատած է, որ շատ վերլուծաբաններ Իմամօղլուն կը  նկատեն, Թուրքիոյ յաջորդ «ազգային առաջնորդ»ը:

Reuters-ը Թուրքիոյ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակումէն ետք վերլուծութիւն հրապարակած է՝ «Իմամօղլուն կը քալէ Էրտողանի ճանապարհով» վերնագրով։

Reuters  գրած է. «Քաղաքապետարանի վերընտրուած քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն երեւցաւ որպէս Էրտողանի իշխանութեան ամենամեծ մրցակիցը, բայց որոշ առումներով ան կ՚երթայ 1990-ականներուն  Իսթանպուլը  ղեկավարած թուրք առաջնորդի հետքերով»:

Բացի Թուրքիոյ ամենամեծ քաղաքին մէջ յաղթանակ տանելէն, Reuters  նշած է, որ Էրտողանի եւ Իմամօղլուներու ընտանիքներու ծագումը կու գայ Սեւ ծովէն, եւ որ անոնք երկուքն ալ ֆութպոլ խաղացած են երիտասարդութեան տարիներուն:

Գործակալութիւնը յայտնած է, որ թէեւ երկու տղամարդիկն  ալ  ուժեղ  քայլերով  մուտք գործած են քաղաքական ասպարէզ, սակայն անոնց քաղաքական հայեացքները բոլորովին տարբեր են։

Reuters  հաստատած է, որ շատ վերլուծաբաններ Իմամօղլուն կը   նկատեն, Թուրքիոյ  յաջորդ   «ազգային առաջնորդ»ը:

Իր  կարգին Բրիտանական The Guardian թերթը նաեւ յայտնած է, որ ընդդիմութիւնը յաղթահարեց տեղական ընտրութիւնները եւ «անսպասելի հարուած» հասցուց Էրտողանին։

Պարբերականը հաստատած է, որ «Ժողովրդահանրապետական» ​​կուսակցութիւնը կարեւոր յաղթանակներ գրանցած է Սեւ ծովու եւ Կեդրոնական Անատոլիոյ մէջ  (Արեւմտեան Հայաստան ՝Խմբ.՝ «Արեւելք»), որոնք Թուրքիոյ երկու առաւել պահպանողական շրջաններ են։

«Ընտրութեանց արդիւնքները  արագ դարձան Էրտողանի հանդէպ դժգոհութեան խորհրդանիշ», - գրած է The Guardian-ը:

Մարտ 31-ի ընտրութիւնները «կը դիտուին որպէս Էրտողանի ժողովրդականութեան չափանիշ», 

 Իր  կարգին Associated Press նաեւ  հաստատած է, որ   Մարտ 31-ի ընտրութիւնները «կը դիտուին որպէս Էրտողանի ժողովրդականութեան անկումի իրական  չափանիշ»,  աւելցնելով, որ  2019 թուականին Անգարայի եւ Իսթանպուլի մէջ «Ժողովրդահանրապետական» ​​կուսակցութեան ձեռք բերած յաղթանակները ոչնչացուցած են «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան «անպարտելի»  կուսակցութեան  մը կերպարը։ Աղբիւրը   նշած է, որ մայիս 14-28-ի ընտրութիւններուն «Վեցեակի աղիւսակ»ը չկարողացաւ հաւաքել հանրութեան անհրաժեշտ ձայները՝ հակառակ տնտեսական ճգնաժամին եւ փետրուար 6-ի երկրաշարժին։

Associated Press  նաեւ գրած է, որ ընդդիմութիւնը մեծ յաղթանակներ գրանցած է քաղաքային ընտրութիւններուն, եւ որ Էրտողան «հսկայական անակնկալ պարտութիւն կրած է»: