image

Քորէական Թերակղզիին մէջ հեռահար հրթիռներու պայքարը կը շարունակուի. Նոր սլաքներ՝ Փիոնկ Եանկէն

Քորէական Թերակղզիին մէջ հեռահար հրթիռներու պայքարը կը շարունակուի. Նոր սլաքներ՝ Փիոնկ Եանկէն

Հիւսիսային Քորէայի կողմէ արձակուած պալիսթիք հրթիռը ինկած է Ճափոնի տնտեսական գօտիին մէջ՝ ծովուն մէջ՝ Հոքայտօ կղզիէն արեւմուտք։

Ինչպէս գրած է kommersant.ru-ն, այս մասին յայտարարած է Ճափոնի վարչապետ Ֆումիօ Քիսիտան։ Անոր խօսքով՝ թռիչքի նորմալ հետագծի պարագային հրթիռը կրնար անցնիլ մօտ 15 000 քմ եւ հասնիլ մայրցամաքային Միացեալ Նահանգներ։

«Ես անգամ մը եւս վճռականօրէն կը յայտարարեմ, որ այդ բացարձակապէս անընդունելի է»,- միջադէպը մեկնաբանած է Քիսիտան։ 

Նոյեմբեր 18-ին լրատուամիջոցները յայտնած են, որ Քորէայի Ժողովրդական Դեմոկրատական Հանրապետութիւնը միջմայրցամաքային պալիսթիք հրթիռ արձակած է արեւելեան ուղղութեամբ։

Աւելի վաղ՝ նոյեմբեր 17-ին, Հիւսիսային Քորէան հերթական անգամ հրթիռ արձակած է իր հարեւաններու ուղղութեամբ։ Հիւսիսային Քորէայի գլխաւոր շտապն իրենց գործողութիւնները բացատրած է անով, որ ԱՄՆ-ի եւ Հարաւային Քորէայի համատեղ զօրավարժութիւնները կը հրահրեն «անկայուն առճակատում»։