image

Քրեմլին կողմերուն հանդարտութեան կոչ ըրաւ

Քրեմլին կողմերուն հանդարտութեան կոչ ըրաւ

Ռուսիա կոչ ըրած է Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին զերծ մնալու շփման գիծին լարուածութիւնը սրող քայլերէ, երկուշաբթի լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի խօսնակ Տմիթրի Փեսքով։ Այս մասին գրած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը:

«Իսկապէս, Սոչիի եռակողմ հանդիպման աւարտին ընդունուած յայտարարութիւնը կ'ընդգծէր կողմերու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի՝ հարցերու բացառապէս քաղաքական-դիւանագիտական, խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման մտադրութիւնը։ Ուստի մենք կը շարունակենք կոչ ընել երկու կողմերուն զերծ մնալու վտանգաւոր գործողութիւններէ եւ քայլերէ, որոնք կրնան յանգեցնել շփման գիծի երկայնքով լարուածութեան սրման»,-ըսած է Քրեմլի խօսնակը՝ մեկնաբանելով հայ-ատրպէյճանական սահմանին հրադադարի ռեժիմի խախտման վերաբերեալ նոր տեղեկութիւնները: 

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ՊՆ-ի հաղորդմամբ՝ լոյս նոյեմբեր 7-ին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածին տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ: Հայկական կողմը կորուստներ չունի: Ժամը 08:00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը առաջնագիծին յարաբերականօրէն կայուն է: