Մարիա Զախարովան թող երթայ իր համար մէկ երկու բաժակ աւելի խմէ ու քնանայ: Այս մասին նշած է Ազգային Ժողովի ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Յակոբ Ասլանեանը՝ անդրադառնալով անոր, որ նախօրէին Ռուսիոյ ԱԳՆ ներկայացուցիչ Մարիա Զախրովան յայտարարած էր, որ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու համապատասխան՝ փոխադրային հաղորդակցութեան վերահսկումը Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ պիտի իրականացնեն Ռուսիոյ ԱԴԾ սահմանապահ ծառայութեան մարմինները:
«Չենք տալու, չի լինելու»,- յայտարարած է Յակոբ Ասլանեանը:
Նշենք, որ Հայաստանը պնդած է, որ տարածաշրջանին մէջ փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման ապագայ փոխադրային կարգաւորումները պիտի հիմնուին բոլոր երկիրներու ինքնիշխանութեան, իրավազօրութեան, փոխադարձութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքներու վրայ:
Լուրը՝ NEWS.am-էն