image

Քիսինճըր կը զգուշացնէ. «Մի փորձէք պարտութեան մատնել Ռուսիան»

Քիսինճըր  կը զգուշացնէ. «Մի փորձէք  պարտութեան մատնել Ռուսիան»

Հենրի Քիսինճըր Արեւմուտքին կոչ ըրած է դադրեցնելու Ուքրանիոյ մէջ ռուսական ուժերը ջախջախիչ պարտութեան մատնելու փորձերը` զգուշացնելով, որ այդ աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ Եւրոպայի երկարաժամկէտ կայունութեան համար:

ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղարը եւ «Պաղ պատերազմ»ի ժամանակ ԱՄՆ-Չինաստան մերձեցման ճարտարապետը Տաւոսի համագումարին մէջ ըսած է, որ Արեւմուտքին համար ճակատագրական պիտի ըլլայ, եթէ ան ենթարկուի պահի տրամադրութեան եւ մոռնայ Ռուսիոյ պատշաճ տեղը եւրոպական ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ:

Քիսինճըր ըսած է, թէ կարելի չէ թոյլ տալ, որ պատերազմը երկարի: «Բանակցութիւնները պէտք է սկսին մօտակայ երկու ամիսներու ընթացքին, քանի դեռ հարցը չէ հասած ցնցումներուն ու լարուածութեան, որոնք յաղթահարելը հեշտ պիտի չըլլայ: Իտէալականը այն պիտի ըլլայ, որ բաժանարար գիծը նախկին վիճակին վերադարձուի: Անկէ յետոյ պատերազմին շարունակութիւնը պիտի ըլլայ ոչ թէ Ուքրանիոյ ազատութեան համար, այլ պիտի ըլլայ նոր պատերազմ նոյնինքն Ռուսիոյ դէմ», ըսած է ան:

Ան Համաշխարհային տնտեսական համագումարին յայտարարած է, որ Ռուսիան 400 տարի եղած է Եւրոպայի կարեւոր մասը եւ ճակատագրական պահերուն եւրոպական ուժերուն հաւասարակշռութեան երաշխաւորը: Եւրոպական առաջնորդները ուշադրութենէն պէտք չէ հեռացնեն աւելի երկարաժամկէտ յարաբերութիւնները եւ պէտք չէ Ռուսիան Չինաստանի հետ մշտական դաշինքի մղելու վտանգին դիմեն:

«Յոյսով եմ, որ ուքրանացիները իմաստնութեամբ կը համապատասխանեն իրենց հերոսութեան», ըսած է ան` յաւելելով, որ երկրին ճիշդ դերը չէզոք պետութիւն, այլ ոչ թէ Եւրոպայի սահման ըլլալն է: