image

Քաթարի մէջ. Ընթացք առաւ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը՝ Մոնտիալը

Քաթարի մէջ. Ընթացք առաւ Ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը՝ Մոնտիալը

Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ մեկնարկած է Ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։

Մրցաշարի բացման խաղին հանդիպած են Քաթարի եւ Էքուատորի հաւաքականները։ Յաղթած է Էքուատորը՝ 2։0 հաշուով:

Ֆութպոլի Աշխարհի 22-րդ առաջնութիւնը պիտի կայանայ 2022 թուականի 20 նոյեմբերէն 18 դեկտեմբերը, Քաթարի մէջ: Քաթար իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ է որ կ'ընդունի Աշխարհի առաջնութիւնը։

Բացի այդ, Աշխարհի առաջնութիւնը առաջին անգամ է որ տեղի կ'ունենայ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ՝ աշնան ու ձմրան։

Խաղերը պիտի կայանան 8 մարզասրահներու մէջ։ Օրինակ՝ անոնցմէ մէկը աշխարհի մէջ առաջին մարզադաշտն է, որ ամբողջութեամբ կառուցուած է բեռնարկղերէ: 

Տարբեր տուեալներու համաձայն՝ Քաթարի մէջ կայացող աշխարհի առաջնութիւնը պիտի դառնայ ամենաթանկարժէքը մինչ այս եղածներու մէջ։ Դեռ մէկ տարի առաջ մարզադաշտերու, մեթրոյի, օդակայաններու, նոր քաղաքի եւ նաւահանգիստի կառուցման ծախսերը գերազանցած էին 200 միլիառ տոլարը։ Դեռ 2017 թուականին պարզ դարձած էր, որ Քաթարը շաբաթական 500 միլիոն տոլար պիտի ծախսէ մրցաշարի նախապատրաստութեան վրայ։ Այս մասին յայտարարած էր երկրի ֆինանսներու նախարար Ալի Շարիֆ ալ-Էմատին։ Օրինակի համար նշենք, որ Ռուսիան 2018-ի Աշխարհի առաջնութեան կայացման վրայ ծախսած էր 18 անգամ աւելի քիչ գումար։ Իսկ մրցաշարի շնորհիւ վաստակած աւելի քան 850 միլիառ ռուբլի։