Շիքակոյի մէջ կայացող Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային համագումարի ընթացքին արարողակարգային քուէարկութեան ժամանակ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսը հաստատած են նախագահի թեկնածուի պաշտօնին։ Անոր օգտին քուէարկած է 4566 պատուիրակ։
CNN հաղորդած է, որ Հարիսն այդ ժամանակ կը գտնուէր Ուիսքոնսըն նահանգ, ուր իր փոխնախագահի թեկնածու Թիմ Ուոլցի հետ նախընտրական հանրահաւաք կը կատարէր։ Ան այնտեղէն տեսակապով միացած է Շիքակոյի մէջ կայացուող համագումարին եւ ընդունած իր առաջադրումը։
Իսկ Շիքակոյի մէջ, ուր համագումարի երկրորդ օրն էր, Քամալա Հարիսին իրենց աջակցութիւնը յայտնած են նախկին նախագահ Պարաք Օպամա եւ նախկին առաջին տիկին Միշել Օպամա։
Պարաք Օպամայի խօսքով՝ «Ամերիկան պատրաստ է աւելի լաւ պատմութեան»։ Օպաման քննադատած է նախկին նախագահ եւ հանրապետականներու թեկնածու Տանըլտ Թրամփը՝ նշելով, որ Միացեալ Նահանգներուն հարկաւոր չէ Թրամփի՝ եւս չորս տարուան նախագահութիւն։
«Ամերիկան պատրաստ է նոր էջի, Ամերիկեան պատրաստ է աւելի լաւ պատմութեան։ Մենք պատրաստ ենք նախագահ Քամալա Հարիսին», - ըսած է Օպաման։
Ան նաեւ նշած է, որ պատմութիւնը կը յիշէ նախագահ Ճօ Պայտընը, որ Օպամայի նախագահութեան ժամանակ կը վարէր փոխնախագահի պաշտօնը։
Պայտըն ելոյթ ունեցած է Դեմոկրատական կուսակցութեան ազգային համագումարի առաջին օրը։ Ան բեմ ելած է արցունքոտ աչքերով, երկար ելոյթով թուարկած է նախագահութեան ընթացքին իր ունեցած ձեռքբերումները եւ գոված Քամալա Հարիսը՝ նշելով, որ իր ասպարէզի լաւագոյն որոշումը եղած է ընտրել Քամալա Հարիսը որպէս փոխնախագահ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան 5 նոյեմբերին։