Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ուշիուշով կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:
«Իմ լիակատար համերաշխութիւնը կը յայտնեմ Ղարաբաղի հայերուն, որոնք կ'ապրին սաստիկ դժուարութիւններու ժամանակաշրջանի մէջ»,- ըսած է Պորելը։
Ըստ Եւրոմիութեան դիւանագիտութեան ղեկավարի՝ Ատրպէյճանը կը կրէ պատասխանատւութիւն՝ լիարժէք ապահովելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան նկատմամբ յարգանքը։ Ան յիշեցուցած է Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը. հակամարտութիւններու լուծման համար ուժի գործադրումն անընդունելի է եւ դատապարտած Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնը:
Պորել կոչ ըրած է Ատրպէյճանին ապահովելու առանց խոչընդոտներու մարդասիրական հասանելիութիւնը կարիքի մէջ գտնուող մարդոց, այդ շարքին՝ լիարժէքօրէն բանալ Լաչինի միջանքը: Ան Պաքուին կոչ ըրած է համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութիւն վարել Ղարաբաղի հայերու հետ՝ ապահովելու համար անոնց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, այդ շարքին՝ իրենց տուներուն մէջ ապրելու իրաւունքը: Պորելն Ատրպէյճանին կոչ ըրած է աներկբայ յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ յորդորած վերսկսիլ երկխօսութիւնը՝ նպատակ ունենալով կնքել խաղաղութեան համաձայնագիր։