image

Պոլսոյ մէջ. Տատեան վարժարանը հիւրընկալեց միջ-վարժարանային մրցումներու շարքը

Պոլսոյ մէջ. Տատեան վարժարանը հիւրընկալեց միջ-վարժարանային մրցումներու շարքը

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս, օրերս, համայնքային 14 վարժարաններու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը տեղի ունեցած է։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

2024-2025 ուսումնական տարեշրջանի երկրորդ կիսամեակին Տատեան վարժարանի մէջ խանդավառ եռուզեռ մը տիրեց մարզանքի ոլորտէն ներս։ 14 ազգային վարժարաններու մասնակցութեամբ կազմակերպուեցաւ մրցաշարք մը՝ վոլէյպոլի, եագանթոփի եւ ոտնագնդակի մարզաձեւերուն մէջ։ Մրցավայրը՝ «Եթքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահն էր։ Երեք օրուան տեւողութեամբ՝ վարժարաններու սաներ քով քովի եկան եւ հիւրասիրուեցան վարժարանի երդիքին տակ։ Բարերար՝ Եթքին Պէրպէրօղլու, Ալէն Թէքպըչաք, Վազգէն Պարըն եւ Ռոպէր Տատեան ներկայ գտնուեցան մրցումներուն, նաեւ տեղեկութիւններ ստացան Տնօրէնուհի Տիկին Երանուհի Պալճըի կողմէ եւ տեսութիւններ ունեցան Թաղային Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Մարի Եանճըի գլխաւորութեամբ այլ անդամներու հետ։

Մրցաշարքը աւարտին հասաւ հետեւեալ արդիւնքով՝

Եագանթօփ

3րդ Գարակէօզեան եւ Էսաեան վարժարանները, 

2րդ Տատեան վարժարան 

Յաղթող՝ Եշիլգիւղի Հայոց վարժարան 

Ոտնագնդակ

3րդ հանդիսացան Եշիլգիւղի հայոց եւ Էսաեան վարժարանները 

2րդ Տատեան վարժարան

Յաղթող Գարակէօզեան վարժարան

Վոլէյպոլ

3րդ Տատեան եւ Լեւոն Վարդուհեան վարժարաններ

2րդ Էսաեան վարժարան 

Յաղթող՝ Եշիլգիւղի Հայոց վարժարան