image

Պոլսոյ մէջ. Մահացած է տաղանդաւոր դերասան՝ Արարատ Մօր

Պոլսոյ մէջ.  Մահացած է տաղանդաւոր դերասան՝ Արարատ Մօր

Իսթանպուի մէջ մահացած է պոլսահայ տաղանդաւոր դերասան Արարատ Մօրը:

«Արեւելք»-ի՝ Պոլսոյ աղբիւրները կը հաղորդեն, որ դերասանի մահն անակնկալ եղած է մտերիմներու համար:

58 տարեկան դերասանը յայտնի անուն էր ոչ միայն հայկական համայնքին մէջ, այլեւ ճանչցուած էր թրքական միջավայրի մէջ, նկարահանուած է թրքական ֆիլմերու եւ տեսաշարերու մէջ: Յայտնի են յատկապէս անոր դերերը «Թաքվա» «Էլտե վար հայաթ» շարժանկարներուն մէջ: Արարատ Մօրը նաեւ աշխուժ կը մասնակցէր Պոլսոյ համայնքային կեանքին, մեծ աշխատանքներ տարած էր Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութիւններու ժամանակ:

Համայնքային գործիչի մահուան մասին գրառում ըրած է պոլսահայ մէկ այլ համայնքային գործիչ, DEM կուսակցութեան անդամներէն՝ Մուրատ Մխճին, մասնաւորապէս գրելով. «Վա՜յ Արարատ, այսպէս չէինք պայմաւորուած, դեռ աշխատանք ունէինք կատարելու միասին, ինչո՞ւ այսքան շուտ կը հեռանաս, ի՛մ եղբայր»։