image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսոյ հրդեհին հետեւանքով զոհուած է 2 անձ

Պոլսոյ հրդեհին հետեւանքով զոհուած է 2 անձ

Պոլսոյ «Քարաքէօյ» թաղամասի հայկական կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կացարանային հատուածին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով մահացած են 2  եւ հիւանդանոց տեղափոխուած եւս 2 հոգի։

Թրքական NTV–ի հաղորդմամբ՝ հրդեհը բռնկած է 23 յունուարի երեկոյեան ժամը 21:45–ի սահմաններուն։ Դէպքի վայր մեկնած հրշէջները դժուարութեամբ յաջողած են մարել կրակը 4 ժամ անց։ Փրկարարները յայտնած են 2 մահացածի մասին։ Եւս 2 հոգի ծխահարման հետեւանքով տեղափոխուած է հիւանդանոց։

Պոլսոյ նահանգապետարանը հրդեհի եւ զոհերու վերաբերեալ ցաւակցած է հայ համայնքին։

Յիշեցնենք, որ այս մասին երէկ «Արեւելք» մանրամասն գրած էր, նշելով, որ երեկոյեան ժամերուն մեծ հրդեհ մը ծագած է Պոլսոյ «Քարաքէօյ» շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցւոյ կից: Հրդեհը բռնկած է «Քարաքէօյ» թաղամասի հայ կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ կից գտնուող պատսպարանին (թրքերէնով՝ Լոճման) մէջ։

Նախնական տուեալներով պատսպարանին մէջ եղած է եօթ անձեր, որոնք բոլորն ալ ազատած են, իսկ անոնցմէ երկուքը փոխադրուած է հիւանդանոց։

Պոլսահայ լրագրող Շահնուր Քազանճի, որ պատահարին մասին կարճ հաղորդագրութիւններ տուած է Ինսթակրամէն սփռուող «Թէթ աժէնտա» իր էջով, եղածին մասին խօսած է Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ ՝ Գերպ. Տ.  Լեւոն արք. Զէքիեանին հետ եւ վերջինս  վստահեցուցած է, որ վիրաւորեալներուն վիճակը կայուն է։ 

Կաթողիկէ Առաջնորդը նաեւ ըսած է, որ ԱԻՆ Հրշէջ մարմիններ կարեւոր գործ կը տանին մարելու համար ծագած հրդեհը։ 

Նշենք նաեւ, որ լուրը մեծ տարածում գտած է Թուրքիոյ օնլայն հարթակներուն վրայ։