Տնտեսագիտութեան ոլորտի մէջ այս տարուան Նոպէլեան մրցանակակիրներն են Տարօն Աճեմօղլուն, Սայմըն Ճոնսընը եւ Ճէյմս Ռոպինսընը։
Ինչպէս հաղորդած է «bloomberg»-ը, անոնք հեղինակաւոր այս մրցանակին արժանացած են իրենց հետազօտութեան համար, թէ ինչպէս «հաստատութիւնները կը ձեւաւորուին եւ կ՚ազդեն բարեկեցութեան վրայ»:
Երեք տնտեսագէտները պիտի կիսեն 11 միլիոն քրոն (1,1 միլիոն տոլար) մրցանակը, ըսուած է Սթոքհոլմի Շուէտի թագաւորական գիտութիւններու ակադեմիայի յայտարարութեան մէջ:
Թուրքիա ծնած հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն աշխարհի լաւագոյն տնտեսագէտներէն մէկն է, ան Մասաչուսեթսի արհեստագիտական հիմնարկի (MIT) փրոֆեսոր է։
Foreign Policy հանդէսը անոր դասած է աշխարհի ամենաազդեցիկ մտածողներու շարքին։