Պոլսահայ յայտնի երգիչ՝ Հայկօ Ճեփքինը ըմբոստացած է արտաքինի պատճառով իր հանդէպ ցուցաբերուող խտրական վերաբերմունքին դէմ։
Արձագանքելով համացանցային ընկերային հարթակներով իր մասին բացասական մեկնաբանութիւններ կատարող օգտատէրերուն՝ Հայկօն եթերի մը ժամանակ ըսած է․ «Մարդիկ ինծի անհաւատ կը համարէին միայն այն պատճառով, որ ես աչքերս սեւ կը ներկէի։ Բայց որեւէ մէկուն չի հետաքրքրեր այն, որ մարդոց սրտերը սեւ ներկուած են »։
Ան նաեւ նշած է, որ մռայլ, տգեղ, տարօրինակ ու սարսափելի կերպար, այսինքն, ըստ էութեան հակահերոս ստեղծելը իր նպատակը եղած է, եւ եթէ մարդիկ իր կերպարէն վախցած են կամ չեն հաւնած, ուրեմն ինքը հասած է իր նպատակին։ «Այդ բեմական արուեստ է։ Ես չեմ ցանկար, որ զիս միայն լսեն, կ'ուզեմ նաեւ, որ դիտեն զիս։ Ես դեռ այնպիսի բան չեմ ըրած, որու համար ափսոսամ», - նշած է Ճեփքինը։
Լուրը՝ Ermenihaber կայքէն