Պոլսոյ մէջ, օրերս, նշուած է «ՀայՃար» միութեան հիմնադրութեան 18րդ տարեդարձը, որու ընթացքին Վարչութեան կողմէ «պատուակալ անդամ»ի կոչում շնորհուած է շինութեան ճարտարապետներ Նազարէթ Պինաթլըին եւ Նշան Գարային։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երէկ, 7 Օգոստոս Հինշաբթի գիշեր, «ՀայՃար» միութիւնը հիմնադրութեան 18րդ տարեդարձը նշեց «Անարատ Յղութիւն» շէնքի «Հաւաք» սրահին մէջ։
Միութեան նոր վարչութիւնը, որ Մայիսին պաշտօնի գլուխ եկած է, հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով, ներկայացնելով թէ՛ նախորդ 18 տարիներու գործունէութիւնը, թէ՛ ապագայի ծրագիրները։ Դիտել տրուեցաւ որ վարչութիւնը ձեռնարկած է Նշան Եաղուպեանի ու Արամ Գամպուրեանի արխիւները պատրաստելու աշխատութեանց։
Վարչութեան կողմէ «պատուակալ անդամ»ի կոչում շնորհուեցաւ շինութեան ճարտարապետներ Նազարէթ Պինաթլըի եւ Նշան Գարայի, որոնք երկար տարիներ շարունակ ներշնչումի աղբիւր հանդիսացած են «ՀայՃար»ի անդամներուն եւ մեծ աւանդ բերած՝ համայնքային կեանքին։ Երկու գործիչներն «ՀայՃար»ի պատուաբեր անդամներն են՝ իրենց համերաշխութեան ոգիով ու մշակութային ժառանգութիւնը ապրեցնելու տեսլականով։
Միջոցառման ընթացքին սարքուեցաւ քոքթէյլ մը եւ երաժշտական ունկնդրութիւն մը։ «Մենք երգԵնք» նախագծի անդամ խումբ մը երիտասարդներ իրենց երգերով խանդավառեցին ներկաները։ Հաւաքոյթը վերջացաւ տարեդարձի ծաղի հատումով։
նnւագածnւներն էին՝ Շանթ Շէշէթեան, Արեգ Սիւզմէ, Կարէն Պետիկօղլnւ եւ nրպէս մեներգչnւհի՝ Սառա Առաքելեան: