image

Պոլիս. Հրդեհի բռնուած Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հիւրատան ճակատագիրը՝ անորոշ

  Պոլիս. Հրդեհի բռնուած  Հայ  Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հիւրատան ճակատագիրը՝ անորոշ

 

Օրեր առաջ «Արեւելք» ժամը ժամին տուած էր Պոլսոյ Ղալաթիոյ (Քարաքէօյ) շրջանին մէջ ծագած հրդեհին լուրը։ Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ նաեւ, որ հրդեհին հետեւանքով զոհուած են երկու անձեր, խոր ցաւ առաջ բերելով համայնքային շրջանակներուն մօտ։ 

Մէկէ աւելի առումներով պատմական մեծ արժէք ներկայացնող Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին եւ մանաւանդ անոր կից եղող հիւրատունը այսօր կը գտնուին վերանորոգման անհրաժեշտութեան տակ։

 Ինչ պիտի ըլլայ այդ հիւրատան ճակատագիրը եւ արդեօք յառաջիկայ փուլին ականատեսը պիտի դառնանք վերանորոգման աշխատանքներու։

 

 Մինչեւ այս պահը խնդրին վերաբերեալ որոշակի անորոշութիւն կայ, ու սպասելի է նաեւ, որ Պոլսոյ հրշէջ մարմիններ եղածին վերաբերեալ յստակ եւ վերջնական տեղեկագիր մը հրապարակեն, որմէ ետք է միայն, որ Հայ Կաթողիկէ համայնքը գլխաւորութեամբ Գերպ. Տ. Լեւոն արք. Զէքիեանին կարողանան որոշումի մը յանգիլ։ Ամէն պարագայի հիւրատունը հիւծած հրդեհին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ տուած է Պոլսոյ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ»ը, որուն լրատւութիւնն ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

Ղալաթիոյ Սուրբ Փրկիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարակից հիւրատան մէջ նախընթաց օր ծագած հրդեհին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տխուր պատահարը մեծ ցաւ պատճառած է բոլորին՝ մանաւանդ, որ խլած է երկու զոհ։ Ցաւալի դէպքէն վերջ արդէն պատահածին սարսափելի բնոյթը կը ցոլացնեն՝ հրոյ ճարակ դարձած կացարանի դրուագները։ Պատմական այս շէնքը, որու վերանորոգութիւնը կը նախատեսուէր, հիմա արդէն ա՛լ աւելի վատ վիճակի մը մէջ է, նաեւ ամայացած։

 

Ըստ համայնքային շրջանակներու երէկուան լսումներուն, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հրշէջ գունդի համապատասխան բաժանմունքը երէկ տակաւին չէր պատրաստած անհրաժեշտ տեղեկագիրը, որով սկզբնական տպաւորութիւն մը կազմել հնարաւոր կրնայ ըլլալ հրդեհի պատճառներուն մասին։ Յամենայնդէպս, շրջանառութեան մէջ են անպաշտօն լուրեր, ըստ որոնց, բոցերը բռնկած են կացարանի խոհանոցէն։

 

Այժմ կը սպասուի այս դէպքին վերաբերեալ պաշտօնական հաղորդումներուն։

 

 Լուսանկարը՝  Մկրտիչ Արծիւ