image

Պտղունքի գիւղացիները ծափերով դիմաւորած են Փաշինեանը

Պտղունքի գիւղացիները ծափերով  դիմաւորած են Փաշինեանը

Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Արմաւիրի մարզ, եղած է Պտղունք գիւղին  մէջ: Ան նախ հանդիպած է գիւղի բնակիչներուն հետ, ապա ծանօթացած է տեղի միջնակարգ դպրոցի կառուցման ընթացքին:

Պտղունքի բնակիչները դիմաւորած են Փաշինեանը` ասելով․ «Մենք շատ ուրախ ենք, որ այսքան բան կարողացաք անել, մեռնեմ Ձեզ, շատ շնորհակալ ենք, շատ ուրախ ենք»:

Փաշինեան նաեւ հետաքրքրուած է, թէ երբ աւարտին կը հասնի դպրոցի կառուցման աշխատանքները, եւ գոյքային առումով ինչ խնդիրներ ունեն:

«Ունէ՞ք գոյքի ցանկ, գոյքի պատճառով մի օր չուշանայ դպրոցի բացումը», ըսած է ան: