Մեկնարկած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի աշխատանքային այցը Պրիւքսէլ: ՀՀ-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան խորհուրդի 6-րդ հանդիպման ընդառաջ կայացած է նախարար Միրզոյեանի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան (ԱԳԱՔ) բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլասի առանձնազրոյցը:
Այսօրուան քննարկումներու օրակարգին վրայ են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան խորացման հարցեր, անոնց կարգին՝ նոր օրակարգի հաստատում, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային թեմաներ՝ ներառեալ փոխկապակցուածութեան խթանում: