Քազանի մէջ տեղի ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ:
Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է Իրանի հետ յարաբերութիւններու աշխուժ բնոյթի առնչութեամբ եւ ընդգծած, որ նախագահ Փեզեշքիանի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր այդ աշխուժութիւնը ոչ միայն կը պահպանուի, այլ նաեւ կը զարգանայ: Նիկոլ Փաշինեանն ընդգծած է, որ Իրանի հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը ՀՀ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւններէն է:
Իրանի նախագահը կարեւորած է Հայաստանի հետ փոխգործակցութեան շարունակական զարգացումն ու ընդլայնումը, այդ շարքին՝ տնտեսութեան, մշակոյթի ոլորտներու մէջ: Մեսուտ Փեզեշքիանն ընդգծած է, որ իր երկրի առաջնահերթութիւնն է զարգացնել յարաբերութիւնները հարեւան եւ բարեկամ պետութիւններու հետ՝ աւելցնելով, որ Հայաստանն այդ երկիրներէն մէկն է:
Զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցեր: Մասնաւորապէս, անդրադարձ կատարուած է տնտեսութեան, ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերու:
Միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային նշանակութեան հարցերու շուրջ: Զրուցակիցները կարեւորած են խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը: Հայաստանի եւ Իրանի ղեկավարները համոզմունք յայտնած են, որ երկկողմ ամուր եւ խոր յարաբերութիւնները պիտի նպաստեն տարածաշրջանային փոխգործակցութեան զարգացման: