Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յոյս յայտնած է, որ Թուրքիան կը նպաստէ բոլոր մասնակիցներու վերադարձին Սեւծովեան հացահատիկային նախաձեռնութիւն։
«Մենք կ'ակնկալենք, որ Թուրքիան կը խաղայ այն առաջատար դերը, որ արդէն խաղցած է, գործարքը վերադարձնելու համար»,- ըսած է Պլինքըն՝ ելոյթ ունենալով Ասպենի մէջ անվտանգութեան հարցերով համաժողովին:
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը կրկին նշած է, որ Ուաշինկթընը դաշնակիցներու հետ կ'ուսումնասիրէ ուքրանական հացահատիկի արտահանման այլ հնարաւորութիւններ։ Ան կարծիք յայտնած է, որ այդպիսով, սակայն, հնարաւոր չըլլար արտահանման նախկին ծաւալներուն հասնիլ։