Ուաշինկթըն ուղիներ կը փնտռէ Ռուսիոյ վրայ ճնշումը զօրացնելու համար՝ միեւնոյն ժամանակ անոր չճանչնալով որպէս ահաբեկչութեան հովանաւոր, CNN-ի եթերի ժամանակ ըսած է Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն։
Անոր խօսքով` նման երկիրներու շարքին Ռուսիոյ Դաշնութեան դասումը կրնայ անկանխատեսելի բացասական հետեւանքներ ունենալ։
«Մենք անընդհատ կ'ուսումնասիրենք տարբեր մեթոտներ, որոնք կրնանք օգտագործել ճնշումը մեծցնելու համար: Մենք Քոնկրէսի հետ կ'աշխատինք օրինագծի մը վրայ, որ պիտի օգնէ մեզի շրջանցել որոշ դժուարութիւններ՝ Ռուսիան որպէս ահաբեկչութեան հովանաւոր ճանչնալու հետ կապուած», - ըսած է Պլինքըն:
Ան նաեւ աւելցուցած է, որ պատժամիջոցները, որոնք Ուաշինկթըն կը կիրառէ Ռուսիոյ դէմ, անմիջական ազդեցութիւն ունին։ Պլինքըն ընդգծած է, որ ժամանակի ընթացքին ազդեցութիւնը միայն կը սրի։