Յառաջիկայ օրերուն 3+2+2 ձեւաչափով նոր հանդիպում տեղի պիտի ունենայ, որուն պիտի մասնակցին ՀՀ եւ ԼՂ նախկին նախագահներն ու երկու կաթողիկոսները։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «Հրապարակ» օրաթերթը։
Սեպտեմբեր 14-ին ՀՅԴ Գերագոյն մարմնի անդամ Իշխան Սաղաթէլեան հանդէս եկած է հրապարակային առաջարկութեամբ, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է Վեհափառ հայրապետի, նախկին նախագահներու, զինուորականներու, ազդեցիկ գործիչներու համահաւաք` քննարկելու իրավիճակէն դուրս գալու ելքերը:
«Հանդիպումից յետոյ նախատեսւում է, որ այս պատկառելի ֆորմատը (ձեւաչափը) հանդէս կը գայ յայտարարութեամբ` սթափութեան կոչ անելով իշխանութիւններին: Միւս քայլերը կը քննարկուեն հանդիպման ժամանակ»,–գրած է թերթը։
«Հրապարակ»ը յիշեցուցած է նաեւ, որ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի եւ Վեհափառի հանդիպման մասին յայտարարութիւնից յետոյ Սաղաթէլեանը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, որով հասկացուցած էր, որ յիշեալ հանդիպումը կայացած է իր նախաձեռնութեամբ։ Սաղաթէլեանն ըսած էր` նման հանդիպումները ստեղծուած իրավիճակէն լաւագոյն, գուցէ նաեւ միակ ելքն են: Ուստի պիտի շարունակէ ջանք չխնայել այդ ուղղութեամբ։