image

Պիլ Կէյթսի՝ Երկիրը փրկելու ծրագիրը

Պիլ Կէյթսի՝ Երկիրը փրկելու ծրագիրը

Microsoft-ի նախկին ղեկավար Պիլ Կէյթսը յօդուած հրապարակած է, որուն մէջ պատմած է, որ կրնայ փրկել մոլորակը։ Անոր խօսքով՝ արդիւնաբերական նոր յեղափոխութիւնը պիտի օգնէ ստեղծել կանաչ տնտեսութիւն եւ նուազեցնել ջերմոցային կազերու արտանետումները։ 

«Մեզի պէտք են սննդամթերքի աճեցման, իրեր պատրաստելու, տեղաշարժելու, ելեկտրաուժանիւթ արտադրելու, ջեռուցելու եւ հովացնելու նոր միջոցներ՝ առանց ջերմոցային կազերու արտանետման», գրած է Կէյթսը: 

Ան ընդգծած է, որ անցած են այն ժամանակները, երբ «կառավարութիւնները եւ ընկերակցութիւնները կրնային յուսադրող խոստումներ տալ» եւ զանոնք չկատարել։

Միլիառատէրը խոստովանած է, որ այդ շատ յաւակնոտ նպատակ է։ Այնուամենայնիւ, Microsoft-ի համահիմնադիրը յոյս ունի, որ արդէն 2022 թուականին տարբեր երկիրներու իշխանութիւնները եւ ընկերութիւնները կը ստեղծեն նոր գործնական ձեւեր, որոնք կ'արագացնեն անցումը մաքուր տնտեսութեան:

«Ես անհամբեր կը սպասեմ գալիք տարուան եւ կը կարծեմ, թէ մենք յեղափոխութեան սկիզբն ենք, որ հիմնուած պիտի ըլլայ յաջորդ սերունդի մաքուր արհեստագիտութիւններուն վրայ», եզրափակած է միլիառատէրը։