Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Վլատիմիր Զելենսքին պատրաստ չեն վերջ տալու երկիրներուն միջեւ հակամարտութեան, կը կարծէ Միացեալ Նահանգները։ Այս մասին լրագրողներու համար ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ Տան մամլոյ խօսնակ Քերոլայն Լեւիթը։
«Փութինն ու Զելենսքին պատրաստ չեն ինքնուրոյն աւարտելու այս պատերազմը։ Թրամփը լրացուցիչ յայտարարութիւններ պիտի կատարէ այս հարցին վերաբերեալ աւելի ուշ»,– ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը «ոչ ուրախ էր» Քիեւի վրայ հարուածներէն, ոչ ալ զարմացած՝ անոնցմէ․ պետութեան ղեկավարը կը շարունակէ հետեւիլ, թէ ինչ կը կատարուի։