image

Փութին նշած է, թէ որն է Ռուսիոյ մեծագոյն ուժը

Փութին նշած է, թէ որն է Ռուսիոյ մեծագոյն ուժը

Ժողովուրդներու եղբայրութիւնը եղած է եւ կը մնայ Ռուսիոյ գլխաւոր յենարանն ու առաւելութիւնը։

Այս մասին Համաշխարհային երիտասարդական փառատօնի բացման արարողութեան ժամանակ տեսաուղերձով ըսած է Վլատիմիր Փութին։

«Մեր բազմազգ երկիրը կազմուած է հարիւրաւոր լեզուներէ, աւանդոյթներէ, եւ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը միշտ եղած է եւ կը մնայ անոր հիմնական յենարանը, առաւելութիւնը, ուժը»,- ըսած է Փութին։

Անոր խօսքով՝ եղբայրութիւնն էր, որ փրկած է ռուսական պետութիւնը «պատմութեան բոլոր շրջադարձերուն»։

«Եղբայրութիւնը մեզի օգնեց նուաճելու գիտութեան, արուեստի եւ կրթութեան նոր բարձունքներ, ինչպէս նաեւ յաղթել Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին եւ ջախջախել նացիզմը», - աւելցուցած է Փութին։