image
Հրատապ լուրեր:

Փութին կ՚առաջադրուի, որպէս անկախ թեկնածու

Փութին կ՚առաջադրուի, որպէս անկախ թեկնածու

«Արդար Ռուսիա-յանուն ճշմարտութեան» կուսակցութեան նախագահ Սերգէյ Միրոնով ՌԻԱ Նովոսթի-ին յայտնած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին պետութեան ղեկավարի պաշտօնին կ'առաջադրուի ոչ թէ որեւէ կուսակցութեան կողմէ, այլ պէտք է ստորագրութիւններ հաւաքէ որպէս ինքնաառաջադրուող։

«Այսօր կազմակերպչական կոմիտէի ժողովի ժամանակ կը յայտարարուի, որ ան որեւէ կուսակցութենէ չ'առաջադրուիր՝ ոչ «Միասնական Ռուսիայէն» եւ ոչ մեր կուսակցութենէն։ Ան ստորագրութիւններ պէտք է հաւաքէ»,- ըսած է Սերգէյ Միրոնով Վլատիմիր Փութինի առաջադրման նախաձեռնող խումբի ժողովի ծիրէն ներս։

Գործող օրէնսդրութեան համաձայն՝ ինքնաառաջադրուողները ընտրութիւններուն մասնակցելու համար պէտք է հաւաքեն 300 հազար ստորագրութիւն իրենց օգտին։ Այդ ընթացակարգէն ազատած են հինգ կուսակցութիւններու թեկնածուները, որոնք խմբակցութիւններ ունին Պետդումայի մէջ։ Արտախորհրդարանական կուսակցութիւններու թեկնածուները պէտք է ներկայացնեն Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով 100 հազար ստորագրութիւն։

Վլատիմիր Փութին հինգերորդ նախագահական ժամկէտի ծրագիրներու մասին յայտարարած է 8 դեկտեմբերին։ 16 դեկտեմբերին, Մոսկուայի «Զարեատիէ» համերգասրահը տեղի ունեցած է անոր առաջադրման գիծով ընտրողներու խումբի ժողովը։ Նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը պիտի ընթանայ երեք օր՝ 2024-ի 15-17 մարտը։

Պիտի առաջադրուին նաեւ Տոնեցկի նախկին պաշտպանութեան նախարար Իկոր Սթրելքով եւ Տոլկոփրուտնիի «Աջ ուժերու միութեան» պատգամաւոր Պորիս Նատեժտին։

«Եապլոքօ» կուսակցութեան դաշնային քաղաքական կոմիտէի նախագահ Կրիկորի Եաւլինսքի նման հնարաւորութիւն կը քննարկէ այն պարագային, եթէ իր աջակցութեան համար հաւաքուի 10 միլիոն ստորագրութիւն, տեղեկացուցած է «Քոմերսանթ»ը։