image

Փենթակոնը 14,2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանանեան բանակին

Փենթակոնը 14,2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանանեան  բանակին

Փենթակոնը 14,2 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանանի զինուած ուժերուն՝ ոչ պետական խմբաւորումները, այդ շարքին՝ «Հըզպալլա»ն, զինաթափելու եւ զէնքի պահեստներն ու ռազմական ենթակառուցուածքները ոչնչացնելու նպատակով:

Ըստ ԱՄՆ ռազմական գերատեսչութեան յայտարարութեան՝ օգնութեան փաթեթը հնարաւորութիւն պիտի տայ Լիբանանի բանակին պարեկութիւն իրականացնել եւ անվտանգ կերպով հեռացնել չպայթած զինամթերքը՝ յաջակցութիւն Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ 2024 թ. նոյեմբերին կնքուած հրադադարի համաձայնագրի:

Նշուած է, որ օգնութեան տրամադրումը կը համապատասխանէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմի առաջնահերթութեան՝ «հակազդելու տարածաշրջանին մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող ահաբեկչական խմբաւորումներուն»։

Աւելի վաղ «Հըզպալլա»ի ղեկավար Նայիմ Քասեմը հեռուստաուղերձի միջոցաւ կոչ ըրած էր տարածաշրջանային պետութիւններուն մեծցնելու աջակցութիւնը Պաղեստինի դիմադրութեան եւ չկանգնելու Իսրայէլի կողքին: