Երէկ ամբողջ գիշերը լարուած մթնոլորտ տիրած է Պէյրութի մասնաւորապէս քրիստոնէական արուարձաններուն մէջ, հասնելով մինչեւ Ժիպէյլ ծովեզերեայ քաղաքը։
Խնդիրը կապ ունի «Լիբանանեան ուժեր»ու Ժիպէյլ շրջանի համակարգող՝ Փասքալ Սուլայմանի առեւանգման ու ապա սպաննուած գտնելու փաստին հետ։
Սուլայման առեւանգուած էր կիրակի յետմիջօրէին, որմէ ետք «Լիբանանեան ուժեր»ու հարիւրաւոր աքթիւիսթներ հասած էին «Մասթիթա» շրջանի կեդրոնատեղի ու ճանապարհներ փակելով պահանջած դէպքի ծալքերուն բացայայտումը։
Իսկ երէկ յետմիժօրէի ժամերուն Լիբանանի անվտանգութեան ուժերը կարողացած էին ոճրագործութիւնը կատարող խմբակը բացայայտել ու հասնիլ այն եզրակացութեան, որ Սուլայման սպաննուած է կազմակերպուած խմբակի կողմէ, որ յայտնի է ինքնաշարժներու թալանով։
Այս բոլորէն անդին քրիստոնէական շրջանակներ, որոնք յայտարարած են թէ պիտի սպասեն դէպքի բոլոր ծալքերու վերջնական բացայայտման, լուրջ կասկածներ ունին, որ եղածը կը հետապնդէ քաղաքական նպատակներ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ երէկ երեկոյեան քրիստոնեայ երիտասարդներ յարձակում գործած են սուրիացի փախստականներու վրայ եւ ծեծի ենթարկած զանոնք։
Իրավիճակը կը շարունակէ մնալ բաւականին լարուած ու յետագայ զարգացումները կապուած են դէպքի ամբողջական բացայայտման եւ այդ առումով պատկան մարմիններու առնելիք քայլերուն հետ։