image

Փաշինեանի կառավարութիւնը 8 միլիառ դրամ յատկացուց Արցախի կառավարութեան

Փաշինեանի կառավարութիւնը 8 միլիառ դրամ յատկացուց Արցախի կառավարութեան

ՀՀ կառավարութիւնը լրացուցիչ 8 միլիառ դրամ պիտի յատկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան` 2020 թուականի պատերազմի հետեւանքով տեղահանուած բնակիչներու համար Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին բնակելի տուներու կառուցման եւ կահաւորման համար։

Որոշումը ընդունուած է կառավարութեան այսօրուան նիստին` ի պատասխան ԼՂ կառավարութենէն ստացած գրութեան։

Լեռնային Ղարաբաղի ֆինանսներու նախարարը դիմած էր ՀՀ կառավարութեան` 2022-ի պետական պիւտճէով նախատեսուած Լեռնային Ղարաբաղին միջպետական վարկի գումարը 8 միլիառ դրամով աւելցնելու վերաբերեալ: