Նիկոլ Փաշինեանի «Երկրի հակառակ կողմը» 2022 թուականին լոյս պիտի տեսնէ Ալպանիոյ մէջ:
Այդ մասին կ'ըսուի Առաջին գրական գործակալութեան եւ «Անտարես» հրատարակչութեան այսօր տարածած համատեղ հաղորդագրութեան մէջ:
Անոր մէջ կը նշուի, որ այս տարի Մակեդոնիոյ մէջ լոյս տեսած է «Երկրի հակառակ կողմը», ինչպէս նաեւ Հրաչ Սարիբեկեանի «Երկուորեակներու արեւը» գիրքը: