image

Փաշինեանի ելոյթը մտահոգութեան տեղիք. Արցախի մէջ խորհրդակցութիւն կայացած է

Փաշինեանի ելոյթը  մտահոգութեան տեղիք. Արցախի մէջ խորհրդակցութիւն կայացած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Ապրիլ 13-ին հրաւիրած է աշխատանքային հրատապ խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները, արտաքին գործոց նախարարը եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը:

Երկրին ղեկավարը նշած է, որ հանդիպումը կը կայանայ Արցախի մէջ գործող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն պահանջով, քանի որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ Ապրիլ 13-ին ՀՀ Ազգային ժողովին մէջ Արցախի կարգավիճակի նշաձողի իջեցման վերաբերեալ կատարուած յայտարարութիւնը հանրութեան շրջանին մէջ լուրջ մտահոգութիւններու տեղիք տուած է:

«Մեր հանրութիւնը շատ յստակ պահանջներ է ներկայացնում, որոնց պէտք է ընդառաջ գնանք` կազմակերպելով շահագրգիռ ու բազմակողմանի քննարկումներէ,- ընդգծած է նախագահը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է արտաքին մարտահրաւէրներուն ուղղուած հարցերու լայն շրջանակ: