image

Փաշինեան Ստեփանակերտի գրաւման հարցով մեծ ճնշումներու տակ էր. Արամ Սարգսեան

Փաշինեան  Ստեփանակերտի գրաւման հարցով  մեծ ճնշումներու տակ էր. Արամ Սարգսեան

«Ես գիտեմ, որ Նոյեմբերի 6-ին պատրաստ էր փաստաթուղթ, որտեղ գրուած է եղել «Մեղրիի միջանցք»: Հայաստանի իշխանութիւնները չեն ստորագրել, ու խնդիրը հասել է մինչեւ Նոյեմբերի 9: Նաեւ ճնշում է եղել, թէ Ստեփանակերտը կը վերցնենք: ՀՀ իշխանութիւնները հասկացել են, որ դա դատավճիռ կը լինի իրենց ժառանգների համար եւ չեն ստորագրել, ու մտել է այդ լղոզուած 9-րդ կէտը: Նիկոլ Փաշինեանը միջանցքի մասին խոստում չի տուել, միջանցքի մասին խոստումը Ատրպէյճանին ու Թուրքիային տուել է Վլատիմիր Փութինը», ըսաւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանը` անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին ու հետագայ զարգացումներուն:

Ան նաեւ յաւելած է, որ Ռուսիան Ատրպէյճանին միջանցք խոստացած է, բայց չի կրնար տալ, քանի որ Հայաստանը կ'ընդդիմանայ: Արամ Սարգսեանի տեղեկութիւններով` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ նախապէս պատերազմը սկսելու վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն եղած է, բայց անոր մէջ չէ մտած Հատրութի գրաւումն ու Թուրքիոյ կողմէ Արաքս գետը անցնիլը եւ մշտադիտարկման կեդրոն հիմնելը: Բայց եղաւ, քանի որ Ռուսիան այսօր չի կրնար հակադրուիլ Թուրքիոյ:

Անդրադառնալով ներքաղաքական խնդիրներուն` կ'ըսէ, որ ռուսական շրջանակներուն մէջ նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը պատերազմի պարտութեան համար աւելի շատ Սերժ Սարգսեանը կը մեղադրէ, քան թէ Նիկոլ Փաշինեանը:

Ինչ կը վերաբերի «Հայրենիք» կուսակցութեան ղեկավար Արթուր Վանեցեանի` մանտաթը վայր դնելու քայլին, Արամ Սարգսեան կ'ըսէ, թէ անոր «կրկնակի գցել են»: Նախ ռուսերը չեն տուած ակնկալուող աջակցութիւնը, այնուհետեւ` «Պատիւ ունեմ» դաշինքը, որուն անդամ էր Վանեցեանի ղեկավարած կուսակցութիւնը: