image

Փաշինեան մեկնեցաւ Նիւ Եորք

Փաշինեան մեկնեցաւ Նիւ Եորք

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն 21 սեպտեմբերի երեկոյեան մեկնած է Նիւ Եորք: Այս մասին «Արեւելք»-ին կը տեղեկացնեն կառավարութենէն։

Կառավարութեան ղեկավարը սեպտեմբեր 22-24-ը պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հատուածին, որու ընթացքին հանդէս պիտի գայ ելոյթով:

Այցի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են Նիկոլ Փաշինեանի շարք մը հանդիպումները տարբեր պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու գործընկերներու հետ: