image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան-Էրտողան հեռախօսազրոյց

Փաշինեան-Էրտողան հեռախօսազրոյց

  

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին՝ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի հետ։

 

 Այս մասին լուրը յայտնած են  հայրենի լրասփիւռներ։

 Երկու առաջնորդները տօներու հետ կապուած շնորհաւորանքներ փոխանակած են ու նաեւ յոյս յայտնած, որ   անցնող 1 յուլիսի հայ եւ թուրք յատուկ դեսպաններուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտով կեանքի կը կոչուին։

 Նշենք, որ  այս առաջին անգամն է, որ Փաշինեան ուղիղ կապ կը հաստատէ Թուրքիոյ նախագահ ՝ Էրտողանին հետ։