Փարիզի «Պալզաք» կինոթատրոնը սպառնալիքներու պատճառով չեղեալ համարած է ռուսական շարժանկարներու ցուցադրութիւնները։ Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Rivage Russie Evenements միութեան նախագահ՝ Ժան Ռատուանի։
«Պալզաք կինոթատրոնը սպառնալիքներ ստացած է, գիշերը անյայտ անձեր շէնքի պատուհանին վրայ մահացածներու գլուխներով թռուցիկներ փակցուցած են, չեմ կրնար ըսել, թէ այնտեղ ինչ գրուած է։ Բացի այդ, ընկերային հարթակներով յայտարարութիւններ հնչած են կապուած ռուսական ֆիլմերու ցուցադրութեան հետ, այս ֆոնին կինոթատրոնի ղեկավարութիւնը որոշում կայացուցած է չեղեալ համարել բոլոր ցուցադրութիւնները»,- ըսաւ Ռատուանի։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ դէպքի առնչութեամբ ոստիկանութիւն բողոք չէ ներկայացուած։
«Բողոք ներկայացնելու պատճառ չկայ: Ինչպէս գիտէք, այժմ Ուքրանիոյ մէջ բարդ ժամանակաշրջան է: Եւ կան ուքրանացիներ եւ անոնց կողմնակիցները, որոնք կը փորձեն ճնշում գործադրել»,- բացատրեց ան:
Դիտարկման, որ արդեօք համաձա՞յն է ճնշման այսպիսի մեթոտներուն, Ռատուանին բացասաբար պատասխանած է նշելով, որ ինքը եւ ողջ միութիւնը «վրդովուած են Ուքրանիոյ մէջ ընթացող մարտերէն եւ խաղաղ բնակչութեան մահերէն»։
«Սակայն մենք կը կարծենք, որ ռուսական ֆիլմերը պէտք է շարունակեն ցուցադրուիլ: Մենք կը զբաղինք շարժանկարներով եւ ընդհանրապէս կը կարծենք, որ ռուսական մշակոյթը ոչ միայն ներկայ իշխանութիւններն են, այլ նաեւ բազմաթիւ ռուս ստեղծագործողներ»,- պարզաբանած է միութեան ղեկավարը։