Լիբանանի մէջ յանկարծամահ եղած է հայուհի Անի Նալպանտեանը։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։
Նշուած է, որ Անի Նալպանտեանը սովորականի նման կը մասնակցէր Սուրբ Պատարագի արարողութեան։ Անոր վիճակը կտրուկ վատացած է ու ինկած է գետին, այնուհետեւ կնքած իր մահկանացուն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդած է, որ հանգուցեալը առողջական խնդիրներ չէ ունեցած։
Մանուկ հասակէն թաղի եկեղեցւոյ կեանքին մասնակից Անին մօտ եղած է եկեղեցւոյ կեանքին։ Ան որպէս դպրուհի մասնակցած է Պէյրութի «Հայաշէն» թաղամասի մէջ գտնուող Սուրբ Յովաննու Կարապետ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն ու հանդէս եկած է որպէս պատարագի մասնակից մենակատար։
Հասունացման տարիքի հետ ան նոյն գործունէութեամբ մասնակից եղած է Պուրճ Համուտի Սիս թաղամասի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ գործունէութեան, ուր նոյնպէս հանդէս եկած է որպէս աւագ դպրուհի։
Հանգուցեալը նաեւ մաս կազմած է շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան, որպէս հաւատաւոր անդամ։
Անին ամուսնացած էր եւ մայր՝ երկու որդիներու։
Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին պայմանները, տնտեսական բարդ դրութիւնը, նաեւ ապագայի հանդէպ մեծ հարցադրումները աւելով ծանրացուցած են տեղի հայկական համայնքի անդամներու կեանքը, որոնցմէ շատեր ունին տարբեր մակարդակի հոգսեր։
Չի բացառուիր, որ երիտասարդ Անիի սիրտը չէ դիմացած այդ դժուարութիւններուն եւ ահա ան իր գարուն հասակին հեռացաւ կեանքէն, իր ետին թողելով վշտահար ամուսինը՝ Խաժակ Պոյաճեան, եւ երկու զաւակները, որոնք իրենց կեանքի ողջ տեւողութեան պիտի ապրին սիրալիր մօր կարօտով ու անոր բացակայութեան վիշտով։
Հանգուցեալը 47 տարեկան էր։
Նշենք նաեւ, որ հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ երկուշաբթի, իր սիրած ու փայփայած Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։