image

Պէյրութի մէջ. Երիտասարդ հայուհի ՝ Զարուկ Սվաճեան-Գայայեանի անակնկալ մահը

Պէյրութի մէջ.  Երիտասարդ հայուհի ՝ Զարուկ Սվաճեան-Գայայեանի  անակնկալ մահը

Հանգուցեալ  Զարուկ, որ դուստրն էր հանգուցեալ Յակոբ Գայայեանին,  միշտ ալ երախտիքով կը յիշէր իր հերոս հօրեղբայրը , Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժագոյն օրերուն նահատակուած՝ Եղիկ Գայայեանը, որ իր ամբողջանուէր սիրով հոգ կը տանէր , ոչ միայն Զարուկին, այլ Արագած թաղի բոլոր փոքրիկներուն։

 Պէյրութէն տխուր լուր ստացանք։ 

 Անակնկալ մահով (սրտի կաթուած) իր աչքերը յաւերժին փակած է Զարուհի (Զարուկ) Սվաճեանը (Ծնեալ Գայայեան  1982-ին ՝Պէյրութ)։ Երիտասարդուհին մայր էր մէկ  դստեր ՝Անժէլինա եւ կինը՝ Փիէռ (Պետրոս) Սվաճեանի։

Զարուհի կեանքով լեցուն, կենսախինդ եւ աշխատասէր անհատականութիւն էր եւ տարբեր վարժարաններու մէջ գործած որպէս ուսուցչուհի։

Վերջին տարիներուն Զարուհի միացած էր Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանին դառնալով խոստմնալից եւ սիրուած անդամը  մեծ կենսագրութիւն ունեցած եւ սերունդներ կերտած Մխիթարեան վարժարանին։

 Անոր մահուան սուգը վարակած է ընտանեկան պարագաները (Հանգուցեալի մայրը՝ Մատլէն եւ քոյրը՝ Գարոլին կը գտնուին Գանատա) , ազգականները եւ յատկապէս Մխիթարեան վարժարանի անձնակազմը, ուսուցիչներն ու տնօրէնութիւնն ու համակ վարժարանը։

Հանգուցեալ  Զարուկ, որ դուստրն էր հանգուցեալ Յակոբ Գայայեանին եւ միշտ ալ երախտիքով կը յիշէր իր հերոս հօրեղբայրը , Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժագոյն օրերուն նահատակուած՝ Եղիկ Գայայեանը, որ իր ամբողջանուէր սիրով հոգ կը տանէր , ոչ միայն Զարուկին, այլ Արագած թաղի բոլոր փոքրիկներներուն։

Զառուկի մահուան բօթը առնելով կարճ գրառում մը կատարած է վարժարանի մանկապարտէզի բաժնի պատասխանատու տիկին Սիպիլա Մալեան, որ վեր առնելով հանգուցեալ Զարուկի ջերմ բնաւորութիւնն ու վերաբերմունքը նշած է, թէ Զարուկ հակառակ իր ունեցած առողջական խնդիրներուն միշտ ալ եղած է պատրաստակամ ու պատրաստ օժանդակելու իր բոլոր գործընկեներուն։ «Քեզի շատ կարճ ժամանակով ճաչցայ, եւ դուն անոնցմէ եղար, որոնց հոգիին ներկայութիւնը միշտ ալ պիտի զգամ»։

Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ համայն Սվաճեան, Գայայեան եւ Ղազարեան ընտանիքներուն իրենց ունեցած այս դառն կորուստին համար։