image

Պէյրութ. ԼՕԽ-ի կողմէ 115 անհատներու դեղորայքի բաշխում

Պէյրութ.  ԼՕԽ-ի կողմէ 115 անհատներու դեղորայքի  բաշխում

29 հոկտեմբեր եւ 5 նոյեմբեր 2025-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին «Ատրա» կազմակերպութենէն ներկայացուցիչներ ու պատասխանատուներ, եւ անոնց ներկայութեամբ կեդրոնի ընկերային ծառայութեան գրասենեակի 115 պարագաներու դեղորայք տրամադրուեցաւ:

Յայտնենք, թէ 2025 տարուան ընթացքին երկրորդ անգամն է, որ «Ատրա» կազմակերպութիւնը կը գործակցի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնին հետ: Առաջինը` անցնող փետրուարին, երբ կեդրոն յաճախող 87 անհատներու անվճար դեղորայք ապահովուեցաւ, եւ շնորհիւ այդ առաջին գործակցութեան դրական արդիւնքին` կազմակերպութիւնը երկրորդ անգամ ըլլալով պատրաստակամութիւն յայտնեց  կեդրոնին աջակցելու եւ ընկերային գրասենեակ դիմող անհատներուն անգամ մը եւս դեղորայք ապահովելու:

«Ատրա» կազմակերպութեան  հետ կայացած երկրորդ գործակցութեան լոյսին տակ եւ նիւթական աջակցութեան շնորհիւ հնարաւոր դարձաւ այս նախաձեռնութեան բարիքները վայելող անհատներուն թիւը բարձրացնել` հասցնելով մինչեւ 115 պարագայի:

Լիբանանը հարուածող տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ կեդրոնի պարագաներուն բարօրութեան նպաստող որեւէ աջակցութիւն իր դրական անդրադարձը կ՛ունենայ անոնց վրայ: Կարգ մը հիւանդութիւններու պարագային,  թելադրուած դեղորայքի սղութիւնը կամ անգտանելի ըլլալը վատ անդրադարձ կը ձգէ հիւանդներուն առողջութեան վրայ: Ուստի «Ատրա»-ի կամ նոյնանման կազմակերպութիւններու կողմէ ցուցաբերուած զօրակցութիւնները  կ՛ամոքեն հիւանդներուն սիրտերը եւ դրականօրէն կ՛ազդեն անոնց կենցաղին, յատկապէս ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան վրայ:

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական  կեդրոնին անունով ի սրտէ շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Ատրա» կազմակերպութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս կամ բարոյապէս կը զօրակցին կեդրոնին:

Բոլորին վա՛րձքը կատար:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն