Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ Ճօ Պայտընի մօտ յայտնաբերուած է մօտաւորապէս 20 գաղտնի փաստաթուղթ, յայտնած է CBS News-ը՝ վկայակոչելով դաշնային իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցը։
«Ինչպէս յայտարարած է աղբիւրը, յայտնի փաստաթուղթերու ընդհանուր թիւը, որոնք նշուած են որպէս գաղտնի, մօտաւորապէս 20 է»,- ըսուած է հեռուստաալիքի հաղորդագրութեան մէջ։
Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ Պայտընի անուան վերլուծական կեդրոնին մէջ յայտնաբերուած մօտաւորապէս 10 գաղտնի փաստաթուղթ կը պարունակէ յոյժ գաղտնի նիւթեր։ Միեւնոյն ժամանակ ԱՄՆ-ի նախագահի՝ Տելըուեր նահանգի Ուիլմինկթոն քաղաքի տան մէջ յայտնաբերուած է առնուազն 10 գաղտնի փաստաթուղթ, որոնցմէ ոչ մէկը նշուած է որպէս յոյժ գաղտնի։
Ինչպէս նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, հինգշաբթի ԱՄՆ-ի արդարադատութեան նախարար ու գլխաւոր դատախազ Մերիկ Գարլանտը ԱՄՆ-ի Հիւսիսային շրջանի դատախազին յանձնարարած է հետաքննել, թէ ինչպէս գաղտնի փաստաթուղթերը յայտնուած են փորձագիտական կեդրոն։ Պայտըն փաստաթուղթերուն մասին իմացած է այն ժամանակ, երբ անոր փաստաբանը յայտնած է անոնց մասին Սպիտակ տան մէջ։ Ընդ որում՝ փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը նախագահին յայտնի չէ։
Յիշեցնենք, որ Պայտըն նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին մէջ փոխնախագահի պաշտօն կը գրաւէր 2009-2017 թուականներուն։