image
Հրատապ լուրեր:

Պայտըն ժամանած է Գերմանիա

Պայտըն ժամանած է Գերմանիա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի Air Force One օդանաւը վայրէջք կատարած է Պերլինի Պրանտենպուրկի օդակայանին մէջ, յայտնած է dw.com-ը։

Այցի ծրագրի համաձայն՝ հոկտեմբեր 18-ին Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերը պիտի ընդունի պետութեան ղեկավարը իր նստավայրին՝ Պելլիւ պալատին մէջ։

Բացի այդ, ան պիտի հանդիպի Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի,  Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրի հետ:

Միաժամանակ Պայտընը հանդիսաւոր կերպով պիտի պարգեւատրուի Գերմանիոյ բարձրագոյն պետական պարգեւով՝ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան Պատուոյ շքանշանի յատուկ դասի Մեծ Խաչով։