image

Պայտըն դարձեալ թեկնածո՞ւ

Պայտըն դարձեալ թեկնածո՞ւ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը յայտարարած է, որ մտադիր է առաջադրուիլ 2024 թուականին նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն մինչ քարոզարշաւի մեկնարկը դեռ շատ աշխատանք կայ ընելու։ Համապատասխան յայտարարութիւնը ան ըրած է ABC-ին տուած հարցազրոյցին:

Պայտընի խօսքով՝ ինք մտադիր է մասնակցիլ յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն։ «Բայց մինչ քարոզարշաւը սկսիլը, ես առաջիկային շատ բան ունիմ աւարտելու»,- ընդգծած է ան։

2022 թուականի նոյեմբերին հանրապետական նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամբը յայտարարած էր, որ պիտի առաջադրուի 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն։ ԱՄՆ ներկայ նախագահը յայտարարած է 9 նոյեմբերին պետութեան ղեկավարի պաշտօնին վերընտրուելու համար պայքարելու ծրագիրներուն մասին, սակայն զգուշացուցած է, որ վերջնական որոշում կը կայացնէ միայն այս տարուան սկիզբը։