image

Պայտըն չի բացառեր ռուսական նաւթի գնումը շարունակել, բայց շուկայականէն ցած գիներով

Պայտըն չի բացառեր ռուսական նաւթի գնումը շարունակել, բայց շուկայականէն ցած գիներով

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնած է, որ ԵՄ-ն կը քննարկէ այնպիսի միջոցներու ձեռնարկում, որոնք Ռուսիոյ պիտի ստիպեն նաւթ վաճառել շուկայականէն ցած գներով: Անոր խօսքով` Ուաշինկթընը Եւրոպայի մէջ դաշնակիցներուն հետ միասին տարբերակներ կը փնտռէ վառելանիւթի գիները զսպելու համար, որոնք կ'աճին ուքրանական հակամարտութեան եւ հակառուսական պատժամիջոցներու լոյսին տակ:

«Եւրոպան այժմ որոշում կը կայացնէ ալ աւելի կրճատել ռուսական նաւթի գնումները», Սպիտակ տան մէջ ելոյթի ժամանակ լրագրողներուն ըսած է ամերիկացի առաջնորդը:

«Եւ տարբեր տեսակի հարցեր կը քննարկուին, թէ ինչ կարելի է ընել: Գուցէ նոյնիսկ նաւթ գնել սահմանափակ գինով», շարունակած է Պայտըն: Անոր խօսքով, հնարաւորութիւններէն մէկը կ'ենթադրէ, որ Ռուսիան նաւթ վաճառելու «անելանելի կարիք» պիտի ունենայ, սակայն ստիպուած պիտի ըլլայ զայն «վաճառել զգալիօրէն ցած գինով, քան ներկայիս կայ շուկային մէջ»:

ԱՄՆ նախագահը այլ մանրամասներ չէ յայտնած: