image

«Պայրաքտար»ի արդիական մէկ տեսակը պիտի արտադրուի Ուքրանիոյ մէջ

«Պայրաքտար»ի  արդիական մէկ տեսակը պիտի արտադրուի Ուքրանիոյ մէջ

Մարտական ​​ԱԹՍ-ներ արտադրող թրքական Baykar ընկերութիւնը Սամսունի մէջ TEKNOFEST KARADENİZ ցուցահանդէսին ներկայացուցած է Bayraktar Kızılelma հարուածային ԱԹՍ-ի նախատիպը: Այս մասին յայտնած է Անատոլիական գործակալութիւնը։

30 Օգոստոսին Թուրքիոյ հիւսիսը գտնուող Սամսուն քաղաքին մէջ առաջին անգամ ներկայացուած է Bayrak Makina-ի կողմէ մշակուած Bayraktar Kızılelma անօդաչու ռազմական օդանաւը։

Տեխնիկական տնօրէն Սելչուք Պայրաքթարի խօսքով՝ նոր ԱԹՍ-ն յագեցած է արագ արձագանգող շարժիչով եւ կառավարման ժամանակակից զգայական համակարգով։ Այն «խուսանաւելու» ունակութիւն ունի, ինչպես նաեւ օժտուած է արհեստական ​​բանականութեամբ։

Մարտական ​​մեքենան ներկայացուած է Թուրքիոյ Սեւ ծովու ափին TEKNOFEST KARADENİZ տիեզերական փառատօնին։

ԱԹՍ-ն նախատեսուած է արտադրել նաեւ այն գործարանին մէջ, որ Baykar Makina-ն կը կառուցէ Ուքրանիոյ մէջ։ Kizilelma-ի առաջին թռիչքը նախատեսուած է 2023-ին: